ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը այս տարի եւս կը շարունակէ իրականացնել արտասահմանեան երկիրներուն մէջ գործող հայկական վարժարաններու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, միօրեայ եւ այլ կրթօճախներու՝ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներու վերապատրաստման միամսեայ ծրագիր:
Վերապատրաստման ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին մէջ:
Դասընթացքները տեղի կ’ունենան Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ:
Յուլիս 30էն սկսող վերապատրաստման դասընթացքները պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոս 25ը եւ պիտի ընթանան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած ծրագիրներով, որոնց դասաւանդման համար պիտի ներգրաւուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները: Դասընթացքը աւարտած ուսուցիչներուն պիտի տրամադրուին համապատասխան վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ ուսումնամեթոտական գրականութիւն, դասագիրքեր եւ այլ նիւթեր:
Մասնակիցներուն համար կը նախատեսուին նաեւ հանդիպումներ, ճանաչողական-ուսուցողական շրջապտոյտներ ու մշակութային ծրագիրներ: