ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երիտասարդ դասախօսներու վերապատրաստման ծրագիրը այս տարի եւս հնարարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի համալսարաններու դասախօսներուն Միացեալ Նահանգներուն մէջ վերապատրաստուիլ:
Ըստ միջազգային կրթութեան ամերիկեան խորհուրդներու ծրագիրի ղեկավար Նանէ Աբրահամեանի, մասնակիցները կրնան վերապատրաստուիլ բազմաթիւ մասնագիտութիւններով՝ ճարտարապետութիւն եւ քաղաքաշինութիւն, գործարարութեան կառավարում, տնտեսագիտութիւն, պատմութիւն, լրագրութիւն, իրաւագիտութիւն եւ այլն. «Նրանք ԱՄՆում կը մշակեն ուսումնական ծրագրեր, կ’ուսումնասիրեն դասաւանդման նոր մեթոտներ, կը մասնակցեն գիտաժողովների, կը դասախօսեն տարբեր համալսարաններում, ինչպէս նաեւ տեղի դասախօսներին եւ ուսանողներին կը ծանօթացնեն մեր երկրի կրթական համակարգին, մշակոյթին», ըսաւ Մ. Աբրահամեան:
Դասախօսներու վերապատրաստման ժամկէտը 5-6 ամիս է: Երիտասարդ դասախօսներու վերապատրաստման ծրագիրը կը տրամադրէ նաեւ կրթաթոշակ, կ’ապահովէ ճանապարհածախսը, առողջապահական ապահովագրութիւն եւ հնարաւորութիւն կու տայ ձեռք բերել մասնագիտական նիւթեր:
Ծրագիրը կ’իրականացուի 2000էն ի վեր: Մինչեւ 2006 Միացեալ Նահանգներու մէջ վերարապատրաստուած է 34 դասախօս: Այս տարուան մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին աշնան: