
Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգը եւ վերջին օծումը:
Այս առիթով, Ս. պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան՝ աղօթակից ունենալով սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, Ազգային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
Վախճանեալ Եփրեմ արքեպիսկոպոսի թաղման տան կարգին նախագահեց Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, իսկ եկեղեցւոյ կարգին նախագահեց Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որ եւ ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ լուսահոգի Եփրեմ արք. կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող ցաւակցագիրը:
Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն՝ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան սրտառուչ զգացումներով խօսեցաւ վախճանեալ սրբազանի անձին եւ կեանքի հանգրուաններուն մասին, զայն բնութագրելով իբրեւ ամենահամարձակ արտայայտուող, քաջ ու անվեհեր, տոկուն ու աներեր, մշակութասէր ու ազգի հարցերով տագնապող եկեղեցական, որ 1977էն 1985՝ իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի երկրորդ առաջնորդ, ձեռնհասօրէն վարեց ազգային եկեղեցական ղեկավարի պաշտօնը:

Թորգոմ եպիսկոպոս նաեւ արտայայտուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի՝ իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր գործունէութեան յիսուն տարիներու պատմութեան եւ, յառա՜ջ Աստուած, գալիք արշալոյսներու մասին՝ շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը իր վեհափառ կաթողիկոսով, սրբազան ու վարդապետ միաբաններով, քահանայ հայրերով, աշխարհական ժողովականներով ու նուիրեալներով հաւատքի առաքելութիւնն է, որ կը մարմնաւորէ՝ յատկապէս ազգի սփիւռքացած ածուներուն մէջ եւ հայրապետական հռչակագիրին ի լուր՝ ներքին վերաշխուժացման ճամբով Սփիւռքը կը հռչակէ ամենուժեղ, անհաւասարելի եւ ամենավստահելի կռուանը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց մշտնջենաւորութեանց, Յաւիտենականին միջնորդութեամբ:
Յընթացս սրբազան արարողութեան, հոգեւոր հայրեր յարգանքով մերձեցան Եփրեմ արքեպիսկոպոսին եւ համբուրիւ ողջոյն առին անոր միւռոնուած աջէն ու հետը ողջոյն յղեցին Կիլիկիան ուխտի յաղթականներուն:
Յայտնենք, որ արարողութիւններուն ընթացքին Զարեհ վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց վախճանեալ սրբազան հօր կենսագրականը, մինչ Հինգշաբթի, 2 Փետրուարի առաւօտեան, Հոլիվուտի «Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ անոր թաղման-գերեզմանի կարգը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

