ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երկօրեայ այցով Հայաստան գտնուող Վրաստանի առաջին տիկին Սանտրա Ռուլովսը Յունուար 18ին այցելեց Երեւանի «Էյտզ»ի կանխարգիլման հանրապետական կեդրոն եւ Աբովեանի հակաթոքախտային բուժարան: «Էյտզ»ի կանխարգիլման հանրապետական կեդրոնին մէջ ան ծանօթացաւ «Էյտզ»ի դէմ պայքարի հայկական փորձին, եղաւ կեդրոնի ախտորոշիչ տարրալուծարանին մէջ:
Ս. Ռուլովս յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ այժմ կ’ընթանան առողջապահական բարեփոխումներ: Ըստ Վրաստանի առաջին տիկինին, Վրաստանի մէջ առկայ է «Էյտզ»ի կանխարգիլման կեդրոն ունենալու խնդիր. համապատասխան մասնագէտները եւ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումները կան, սակայն շէնքի հարցը տակաւին չէ լուծուած: Վրաստանի առաջին տիկինը նշեց նաեւ, որ Վրաստանի մէջ թոքախտով աւելի շատ հիւանդներ կան, քան Հայաստանի մէջ: