ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առաջին տիկին Պելլա Քոչարեան երէկ, Յունուար 17ին հանդիպեցաւ երկօրեայ աշխատանքային այցով Հայաստան այցելող Վրաստանի առաջին տիկին Սանտրա Ռուլովսին:
Երկու երկիրներու առաջին տիկինները քննեցին առողջապահական, ընկերային, մշակութային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն առնչուող հարցեր ու այդ բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Խօսուեցաւ նաեւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ հայաստանեան փորձին ծանօթանալու նպատակով շարք մը բժշկական հաստատութիւններ կատարելիք այցելութիւններուն մասին:
Նոյն օրը, Վրաստանի առաջին տիկինը այցելեց առողջապահութեան նախարարութիւն, ուր հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի մէջ թոքախտի դէմ տարուող պայքարի հարցերով: Քննարկուեցան նաեւ ուռուցքաբանութեան, առողջապահութեան կազմակերպման վերաբերող խնդիրներ:
Ծրագրուած է, որ Վրաստանի առաջին տիկինը հանդիպում ունենայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին հետ: