ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային հաւաքականի ճատրակիստ Վլատիմիր Յակոբեան, փայլուն յաղթանակ տանելով ուքրանացի Եուրի Քուզուպովի դէմ, Ճիպրալթարի մէջ աւարտած «Ճիպթելեքոմ» կարգի 5րդ միջազգային մրցաշարքի վերջին՝ 9րդ փուլին, հաւաքեց 7.5 կէտ եւ դարձաւ այս մրցաշարքի յաղթողը:
Ի դէպ, մինչեւ վերջին փուլը Վ. Յակոբեան 6.5ական կէտով կը բաժնէր 1-2րդ տեղերը Քուզուպովի հետ: