ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 8ին եւ 12ին Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը Եւրոպայի 2009ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ պիտի մրցի Չեխիոյ եւ Ուքրանիոյ երիտասարդական հաւաքականներուն հետ: Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հրաժարած Սամուէլ Պետրոսեան փոխարինուած է Վարուժան Սուքիասեանով: