ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Աւարտելով աշխատանքային այցը Վրաստան եւ վերադառնալով Պաթումէն, Յուլիս 28ին նախարար Վարդան Օսկանեան այցելեց Ախալցխա եւ հանդիպումներ ունեցաւ Սամցխէ-Չաւախքի մարզի ղեկավարութեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարի Չաւախք այցելութեան յաջորդ հանգրուանը Ախալքալաքն էր, ուր ան այցելեց Սուրբ Խաչ եկեղեցի, հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի տարածաշրջանէն ընտրուած ազգութեամբ հայ պատգամաւորներուն եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, հայ-վրացական յարաբերութիւնները եւ յառաջիկայ երկկողմանի ծրագիրները: Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Կէսօրէ ետք, նախարար Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Լոռիի մարզ այցելած՝ Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած տասնեակէ աւելի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչ Սիլվանեանի նախաձեռնած՝ Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու այցի նպատակն էր Լոռիի մարզի մշակութային ժառանգութեան, նաեւ արտադրական հաստատութիւններուն ծանօթանալը:
Այցելութեան ընթացքին դիւանագէտները Լոռիի մարզպետ Արամ Քոչարեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց եւ Գուգարաց թեմերու առաջնորդներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Հաղպատի եւ Սանահինի վանքերը, Ալավերդիի պղնձամոլիպտենային գործարանը, Սանահին գիւղ, ուր այցելեցին Անաստաս եւ Արտեմ Միկոյեաններու տուն-թանգարանը: