Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2006ին, տեղի ունեցաւ Արիզոնայի՝ Սքաթս-տէյլի Հայց. եկեղեցւոյ տարեկան տօնավաճառը, որ աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց շնորհիւ եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամներու գործօն մասնակցութեան:
Տօնակատարութեան բացումը աղօթքով կատարեց ծուխի այցելու հովիւ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, բոլորին եւ ձեռնարկին մաղթելով կատարեալ յաջողութիւն: Հանդիսութեանց սկիզբէն մինչեւ վերջ հայ եւ օտար այցելուներ՝ աւելի քան 750 հոգի, ողողեցին «Մելիքեան» սրահը, ըմբոշխնելու եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած հայկական համադամ ճաշեր եւ լսելու հայկական երաժշտութիւն՝ հայակական պարերով համեմուած:
«Մելիքեան» սրահը զարդարուած էր Ս. Ծննդեան զարդարանքներով եւ լեցուն էր հայկական եւ արեւելեան ուտելիքներու, յուշանուէրներու եւ գոհարեղէններու կրպակներով: Շատեր բախտաւորուեցան վճակահանութեան նուէրներով:
Իսկապէս գնահատելի էր տեսնել կամաւորներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ Տիկնանց միութեան ժրաջան անդամներու, որոնք ոչ միայն աշխատեցան շաբաթներ եւ ամիսներ, այլ նաեւ մասնակցեցան իրենց նիւթական առատաձեռն օգնութեամբ՝ ապահովելու մօտաւորապէս 25,000 տոլար եկեղեցւոյ շինարարական ծրագրի համար: