Երաժշտական այն ոճերը, որոնք ծանօթ են իբրեւ «Ֆոլք-ֆիուժըն» )Ժողովրդայինի հետ այլ՝ արդի տարրերու ձուլում( եւ «Ֆոլք ռիվայվըլ» )Ժողովրդայինի վերազարթնում(, կատարողներուն համար յաճախ ծառայած են իբրեւ միջոց ստեղծագործական արտայայտչութեան, պատշաճեցնելու, մեկնաբանելու եւ արդիականացնելու համար երաժշտական ոճեր։
«Ֆոլք ֆիուժըն»ի նոր բեմը իր ներշնչումը կը ստանայ լայնատարած ու բազմամշակութային աղբիւրներէ եւ կը ջանայ հիմնաւորել ժողովրդականացումը երաժշտական ոչ գլխաւոր հոսանքի մը, պատշաճեցումը ժողովրդային ոճերուն՝ Փափի եւ Ռաքի կառուցումներուն եւ ծանօթացումը երաժշտական նոր գործիքներուն։
Հայկական երաժշտական շրջանակներէն ներս, կատարողներ՝ Արթօ Թունճպոյաճեան, Գոռ Մխիթարեան եւ Արմէն Չաքմաքեան, արդէն «Ֆոլք ֆիուժըն»ի մէջ բաւական յառաջացած են։
«Էլէմընթ» (Տարերք, տարրեր) վերջերս հրապարակած իր նախափորձ «Եւ Օ Ֆ» ընդարձակ ալպոմով, որդեգրած է մասամբ տակաւին արգիլեալ այս սեռը։ Խումբի անդամներն են Արա Տապանճեան )քիպորտ, կիթառ եւ աքորտիոն(, Սարօ Գուճաքեան )երգ եւ կիթառ(, Կարս Շէրպէթճեան )երգ(, Շանթ Մահսէրէճեան )ջութակ( եւ Ճէրըմի Միլատօ )պէյս(։
Տապանճեան, նոյն ատեն, խումբին երաժշտական յօրինողն ու դասաւորողն է, ինչպէս նաեւ խմբավարը։
«Էլէմընթ» հանդէս կու գայ հայկական ժողովրդական աւանդական երգերով եւ ժամանակակից այլ ստեղծագործութիւններով, ժանեկաւորուած՝ ուրոյն զգայնութեամբ, ոմանք որոշապէս ոչ հայկական։
Խումբին անդամները հաստատ կը մնան իրենց որոշումին վրայ, երաժշտութեան միջոցով բարձրացնելու իրենց մշակութային ժառանգութիւնը ժողովուրդի աչքին։ Մեծարելով հանդերձ հարաւ ամերիկեան եւ միջերկրականեան երաժշտական աւանդութիւնները, խումբին ոճաւորումները զարգացած են այլազանօրէն՝ ֆլամինկոյի, թանկոյի եւ ռամպէթիքայի ձայներով, ինչպէս նաեւ, աւելի ժամանակակից ազդեցութիւններով։ Մշակոյթներու այս համախմբումը շատ վէճերու պատճառ դարձած է։ Վերջապէս, ան փորձի կ՚ենթարկէ մշակոյթի հայկական ինքնութեան սահմանները եւ կը թուի որոշակիօրէն խոչընդոտ հանդիսանալ հայ աւանդական երաժշտութեան որդեգրման։
Ուստի, որովհետեւ «Ֆիուժըն» ճշգրտօրէն պարարտ հող կը հանդիսանայ արուեստի հետախուզման համար, ինքզինք կրնայ կաշկանդուած զգալ մշակութային շատ մը սեղմումներով, ներառեալ անձկութեամբ՝ ձուլումի կապակցութեամբ։ Իբրեւ հետեւանք, «Ֆոլք ֆիուժըն»ի ազդեցութիւնը ոմանց կողմէ պիտի դիտուի որպէս զուտ ձայնի եւ մշակութային խորանիստ յիշողութեան տկարացում։ Սակայն, այդ տեսակէտը որոշապէս կ՚անգիտանայ այն իրողութիւնը, թէ հայ երաժշտութիւնը մեծապէս զարգացած է արտաքին տարրերու հետ փոխադարձ շփման եւ տարբեր հարուստ ազդեցութեանց իբրեւ արդիւնք։ Կոմիտաս վարդապետ ինքն ալ, իբրեւ եկեղեցական եւ ազգագրային երաժշտագէտ, 1900ական թուականներու առաջին շրջանին, ձեռնամուխ եղաւ հայ աւանդական ժողովրդային երաժշտութեան վերածննդեան, այցելելով ծայրագաւառներն ու գիւղերը, նոթագրելու համար բնիկ հայ ժողովրդային տարբեր աւանդութեանց ճամբաներով հասած երգերն ու պարեղանակները։ Այդ ուղղութեանբ Կոմիտասին փնտռտուքը յստակօրէն կը թելադրէ, թէ հայկական երաժշտութիւնը անուրանալիօրէն արգասաւոր աղբիւր է երաժշտական արտայայտչութեան եւ յարմարեցման։ Արտայայտչութեան այս յատկանշական գունագեղութիւնը, երաժշտական թէ քնարական կերպով, ինքզինք կը բացայայտէ գեղջկական կարօտի երգերուն, յիշատակի հոգեւոր երգերուն եւ այլ՝ ցանկութեան, ողբի ու վերածննդեան աւանդական արտայայտչութիւններով։ «Ֆոլք ֆիուժըն»ի ու «Ֆոլք ռիվայվըլ»ի ժողովրդականութիւնը կը յիշեցնեն մեզի, որ երաժշտական այս ոճերը, նման աւանդական հայկական երաժշտութեան, կը յաջողին այն ատեն, երբ հարազատ մնան իրենց ներքին յատկանիշներուն եւ երաժշտական տարբեր ազդեցութեանց, զանոնք ի մի բերելով։
«Եւ Օ Ֆ»ն կ՚արտայայտէ «Էլէմընթ»ին «Ֆոլք ֆիուժըն»ի իւրայատուկ յատկանիշները, ճարտարօրէն միաձուլելով վարպետ նուագածութիւնը, հիւթեղ ձայնային ներդաշնութիւնն ու հարուստ բազմազգագրական երաժշտական ոճերը։
Խումբը, իր յիշեալ ալպոմին կորիզը հանդիսացող երաժշտական նիւթէն զատ, ոչ մէկ անտեղի վայելչութիւն կը պարտադրէ։
Երգերը չեն ճնշուած Ռաքի թեքումներով կամ համակարգչային եռանդագին օգտագործումով։ Ալպոմը կը պահպանէ նաեւ զտութիւնը ժողովրդայինի տարրերուն եւ կը համատեղէ այլազան նուագարաններ։
Իր ամբողջութեան մէջ, իբրեւ երաժշտութիւն, ալպոմը կը յաջողի մնալ անուրանալիօրէն հայկական։ «Եւ Օ Ֆ»ն, իբրեւ արժէք, բարձրացած է Տապանճեանի մագնիսացնող դասաւորմամբ եւ շատ մը տարբեր նուագարաններու սքանչելի տիրապետումով եւ Գուճաքեանի խոր ու հոգեբուխ երգերով։ Իրաւամբ, ալպոմին ամէնէն հրապուրիչ բաժինը կը հանդիսանայ այս մասերուն կատարողական համատեղումը։ Տապանճեանին տաղանդը լիովին ի յայտ կու գայ ալպոմին հինգերորդ մասով՝ «Եար քո բարակ բոյին մեռնեմ» երգով, որ կը յաջողի յուզական ուժեղ ազդեցութիւն գործել, միանամանակ պահելով զուսպ քնքշութիւն մը։
Գուճաքեանի առնական, սակայն սահուն ձայնը կը տիրապետէ «Մարտիկի երգը»ի եւ «Անոյշ հայրենիք»ի կատարման ատեն, առանց զանոնք ճնշումի ենթարկելու։ «Եւ Օ Ֆ»ն, իր ամբողջութեան մէջ, կը ներկայացնէ ուժեղ միութիւն մը ջերմ կշռոյթներու եւ վարակիչ մեղեդիներու, որոնք կը ծփան բազում ծալքելով եւ այլազան ազգագրական ազդեցութիւններով։ Կ՚արժէ յիշել, որ «Էլէմընթ»ը կատարելագործուած աշխոյժ երաժշտախումբ մըն է։ Անմիջականութիւնն ու անակնկալը մնայուն յատկանիշներն են խումբին կենդանի կատարումներուն, որոնք լաւապէս կը դրսեւորուին «Ֆիուժըն» սեռի մասնայատուկ յարմարեցումի եւ վերապատկերացումի պարագաներուն։
Վերջերս, «Ֆորտ» ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, «Էլէմընթ»ի հոգեբուխ կատարողութիւնը հրապուրելով նուաճեց ունկնդիրները՝ բեմին վրայ կատարուած կենդանի երաժշտութեամբ։
«Էլէմընթ»ի այս գերող յատկութիւնը մեծապէս կը պարտինք խումբին երաժշտացանկին, թէեւ ծանօթ, սակայն, որոշապէս տարբեր, թոյլ տալով ունկնդիրներուն, որ մեծարեն իրենց ազգային ժառանգութիւնը, միեւնոյն ատեն ընծայելով անոնց ընդգրկումը համաշխարհային հեռանկարներու։
«Էլէմընթ» արդէն ապահոված է համակիրներու այլազան եւ հաւատարիմ զանգուած մը։ Սակայն, դեռ կանուխ է յայտարարելու, թէ խումբը յաջողած է վերակենդանացնել հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ յաջողապէս կամրջած աշխարհագրական, լեզուական եւ բազմամշակութային բաժանուածութիւնները։ Ինչ որ անուրանալի է, սակայն, «Էլէմընթ»ին մշակութային խորանիստ կաշկանդումներէն ձերբազատումն է եւ որդեգրումը՝ երաժշտական աւելի յառաջադէմ փոխերգացանկի մը։ Համաշխարհայնացումի ներկայ ժամանակաշրջանին, երաժշտութիւնը դարձած է հաղորդակցութեան եւ համալրման անհրաժեշտ եղանակ, համաշխարհային արդիական լեզու մը։ «Ֆիուժըն» պատեհութիւն կ՚ընծայէ օգտագործելու այս լեզուին տարբեր տարրերը՝ ստեղծագործական սահմանները ընդլայնելու եւ աւելի լայն շրջանակներու մէջ տարածելու տեղական երաժշտութիւնը, տաժանելի ընթացաշրջան մը՝ թէ՛ համաշխարհային երաժշտական բեմի եղափոխութեան եւ թէ՛ հայկական երաժշտութեան համար։
«Էլէմընթ»ի ժողովրդական նուագի ներկայացումները այլ բան չեն, եթէ ոչ ընդլայնումը այս եղափոխման, որդեգրումը՝ իսկապէս համաշխարհային այբբենարանի մը։
Թարգմանեց՝
Յ. ՍԵՒԱՆԵԱՆ