ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի օր, Փարիզի մէջ աւարտեցաւ Տարֆուրի հարցով գումարուած միջազգային խորհրդաժողով մը, ուր տուեալ շրջանէն ներս խաղաղապահ ճիգերուն զօրակցելու եւ վայրագութիւնները կասեցնելու քաղաքական աշխատանքներուն թիկունք կանգնելու խոստում տրուեցաւ՝ առանց սակայն գործնական քայլերու:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին գլխաւոր նուիրատու երկիրները, ներառեալ Ութնեակը եւ Սուտանի դաշնակիցը համարուող Չինաստանը:
Աւարտին, Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս ըսաւ, թէ «մենք իսկապէս պէտք է կրկնապատկենք մեր ճիգերը եւ կը խորհիմ, որ այդ էր այսօրուան խորհրդաժողովի ոգին»: Ան աւելցուց, որ Սուտան պէտք է գործադրէ իր խոստումները աւելի քան 20,000նոց խաղաղապահ ուժեր ընդունելու կապակցութեամբ (ՄԱԿի եւ Ափրիկեան միութեան պատկանող) եւ ամբաստանեց Խարթումը իր խոստումներուն տէր չկանգնելու յանցանքով:
Ռայս ըսաւ, թէ Սուտան պէտք է «հետեւանքներ» դիմակայէ (այսինքն ՄԱԿի պատժամիջոցներ), եթէ չարտօնէ այս ուժերու մուտքը շրջանէն ներս:
Խաղաղապահ ուժեր շրջան առաքելու նպատակն է կասեցնել վայրագութիւնները Տարֆուրի մէջ, ուր կ’ենթադրուի, որ 200,000 հոգի սպաննուած եւ 2.5 միլիոն ուրիշներ տեղահան եղած են աւելի քան 4 տարուան բախումներէ ետք: Ըստ Սուտանի, «միայն» 9000 հոգի մահացած է Տարֆուրի մէջ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ ըսաւ, թէ հարցին մարդասիրական լուծում չկայ, «մենք կը խօսինք քաղաքականութեան մասին»:
Խորհրդաժողովին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ըսաւ, թէ «իբրեւ մարդ արարածներ եւ իբրեւ քաղաքագէտներ, մենք պէտք է լուծենք Տարֆուրի տագնապը, լռութիւնը կը սպաննէ: Մենք կ’ուզենք զօրաշարժի ենթարկել միջազգային համայնքը ըսելու՝ «Բա՛ւ է այլեւս»: