ԽԱՐԹՈՒՄ, «Ռոյթըրզ».- Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ Ափրիկեան միութեան մէկ զօրանոցին վրայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին տեղի ունեցած յարձակումի մը պատճառով սպաննուած են առնուազն 20 խաղաղապահ եւ անհետացած՝ 20 ուրիշներ: Վիրաւորուած են նաեւ 40է աւելի ուրիշներ, որոնցմէ եօթն ծանր վիճակի մէջ են:
Զինեալները 30 փոխադրակառքերով ներխուժած են զօրանոց։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ յարձակում գործողները ըմբոստներ էին, սակայն յստակ չէ, թէ ո՛ր խմբաւորումը գործած է յարձակումը։
Ափրիկեան միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ արձանագրուած վնասները 2003 թուականին Ափրիկեան միութեան առաքելութեան ժամանումէն ի վեր ամէնէն մեծն են։ Ափրիկեան միութիւն-ՄԱԿ միացեալ յատուկ պատուիրակ Ռոտոլֆ Ատատա ըսաւ, թէ «այս վայրագ եւ դիտաւորեալ յարձակումէն» խորապէս ցնցուած է։
Յստակ չէ, թէ Տարֆուրի մէջ գործող ըմբոստներու աւելի քան տասնեակ մը խմբաւորումներէն ո՛ր մէկն էր յարձակումին պատասխանատուն։ Ափրիկեան միութեան հաղորդագրութիւնը յարձակում գործողները նկարագրեց իբրեւ «լաւապէս զինուած անձերու մեծ եւ կազմակերպուած խմբակ մը»։
Յարձակումը տեղի ունեցաւ այն ատեն, երբ հարաւային ափրիկէցի Տեզմընտ Թութու արքեպիսկպոսը կը սպասուի Սուտան՝ Տարֆուրին խաղաղութիւն բերելու նորագոյն նախաձեռնութեան մը շրջագիծին մէջ։
Արքեպիսկոպոսին միացած են ՄԱԿի նախկին յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր, Նելսըն Մանտելայի կինն ու մանուկներու իրաւունքներու ջատագով Կրաքա Մաչել։ Երէց քաղաքագէտներու խմբակը կազմուած է Նելսըն Մանտելայի հրաւէրով, զբաղելու համար աշխարհի ամէնէն դժուար հարցերով, ինչպէս՝ «Էյտզ», չքաւորութիւն եւ զինեալ տագնապներ։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրի հետ, նախքան հարաւային Սուտան ուղղուիլը։
Նկարին մէջ, Ափրիկեան միութեան զինուորներ կը հեռանան զօրանոցէն: