ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան ձմեռը սովորականէն նուազ ցուրտ, «տաք» պիտի ըլլայ: Այս մասին յայտնեց «Հայպետհիդրոմետ»ի փոխտնօրէն, օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Ալպերթ Թորոսեան եւ նշեց, որ այս տարուան Դեկտեմբերին եւ 2007ի Փետրուարին Երեւանի մէջ ջերմաստիճանը միջինէն մէկ աստիճանով բարձր պիտի ըլլայ: Նոյն ջերմաստիճանը կը սպասուի նաեւ Մարտին:
Նոյեմբեր 21ի դրութեամբ, ջերմաստիճանը 5-6 աստիճանով ցած է բնականէն: Սակայն Ա. Թորոսեան հաւաստիացուց, որ յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի ջերմաստիճանի բարձրացում՝ 3-4 աստիճանով եւ առանց տեղումներու եղանակ: