ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի օղակաձեւ այգիի Տէրեան եւ Մոսկովեան փողոցներու հատման անկիւնին, տեղադրուեցաւ քանդակագործ Ռուբէն Առուչանի ստեղծած՝ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ հրեայ ժողովուրդի Ողջակիզման նուիրուած յուշարձանը:
Յուշարձանի բացման արարողութեան ժամանակ Հայաստանի հրէական համայնքի ռաբբի Կերշ Պուրշթէյն յայտարարեց, որ այս յուշարձանը կը յաւերժացնէ զարհուրելի աղէտներու հետեւանքով երկու ժողովուրդներու միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը եւ նշեց, որ «ողբերգութիւնները, որոնք պատահեցին մեր ժողովուրդների հետ նախորդ դարում, միաւորում են մեզ, եւ այս յուշարձանը ոչ միայն ուղղակի յուշարձան է, այլեւ յիշեցում, զգաստութեան կոչ, որը մեզ հետ պէտք է լինի միշտ»:
Նշենք, որ յուշարձանը ստեղծուած է կառավարութեան աջակցութեամբ՝ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի անմիջական հսկողութեան ներքոյ: