ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 28ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուութեան ազատութիւն-2007» ամէնամեայ հինգերորդ մրցանակաբաշխութիւնը՝ նուիրուած տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրուան: Մրցանակներ սահմանուած էին «Ամենահրապարակային գործող պետական գերատեսչութիւն», «Տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած հասարակական կազմակերպութիւն», «Տեղեկատուութիւն տրամադրելու լաւագոյն համացանցային համակարգ ներդրած գերատեսչութիւն», ինչպէս նաեւ «Տեղեկատուութեան ազատութեանն առնչուող խնդիրները հետեւողական լուսաբանած եւ օրէնքն ամենաաշխոյժ օգտագործող լրագրող» անուանակարգերուն մէջ:
Այս տարուան «Ամենաբաց գերատեսչութիւն» հռչակուեցաւ Չարենցաւանի քաղաքապետարանը՝ որպէս տեղեկատուութեան ազատութեան մասին օրէնքը լաւագոյնս կիրառող տեղական ինքնակառավարման մարմին:
«Տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած հասարակական կազմակերպութիւն» մրցանակակիր յայտարարուեցաւ Գիւմրիի «Ասպարէզ» լրագրողական ակումբը, իսկ Երեւանի քաղաքապետարանը՝ տեղեկատուութիւն տրամադրելու լաւագոյն համացանցային համակարգ ներդրած գերատեսչութիւն անուանակարգով:
Տեղեկատուութեան ազատութեան առնչուող խնդիրները հետեւողական լուսաբանած եւ օրէնքը օգտագործող լրագրող անուանակարգով յաղթող հռչակուեցաւ Արմաւիրի «ԱԼՏ» հեռուստաընկերութեան լրագրող Անժէլա Ստեփանեանը:
Յաղթողներուն յանձնուեցան «ոսկէ» բանալիներ՝ որպէս հրապարակայնութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ վկայականներ:
Իսկ Հայաստանի ամենափակ պետական գերատեսչութիւն անուանակարգով, որպէս 2007ի օրէնքի պահանջները ամենավատ կատարող մարմին հռչակուեցաւ Արմաւիրի քաղաքապետարանը: