Հակառակ յունիսեան առաւօտ մը ըլլալուն, Սան Ֆրանսիսքոյի երկինքը դարձեալ գորշ ամպերով ծածկուած էր ըստ սովորութեան: Մինչեւ գործի հասնիլս, չեմ գիտեր ինչու, երկինքին նման տրամադրութիւնս ալ տեղը չէր, ամէն ինչ անսովոր էր: Հազիւ հասեր էի գործատեղի, հեռաձայնս հնչեց. կինս էր, կը հեռաձայնէր գուժելու սիրելի բարեկամիս՝ Ճորճ Թաշճեանին անակնկալ մահը: Ճորճին վաղաժամ մահը արդէն կայծակի արագութեամբ տարածուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութէն ներս, բայց ի՜նչ մահ, մարդ չէր հաւատար, որ այդ մուսալեռցի, կայտառ ու վազվզող, բոլորին օգնութեան հասնող Ճորճը, հազիւ 57 տարեկան, քանի մը վայրկեաններու ընթացքին կ’աւանդէ իր հոգին սրտի ուժգին կաթուածի մը հետեւանքով, Յունիս 26, 2007ին, խոր սուգի մատնելով իր կինը՝ Շուշանը, իր զաւակները, իր նորածին թոռնիկը, իր քոյրերն ու եղբայրները, իր ազգականները, մուսալեռցի հարազատները ու համայն բարեկամները:
Շատ դժուար բան է մահուան քառասունքին առիթով գրել բարեկամի մը մասին, որուն հետ 35 երկար տարիներ սիրալիր ու ջերմ ընտանեկան յարաբերութիւն ըրած ենք, իրենց ամուսնութեան Ս. պսակին ներկայ եղած ենք, ու այսօր եկեղեցիին մէջ իր թաղման արարողութեան ներկայ կ’ըլլանք…:
Ճորճ Թաշճեան ծնած է Այնճար, 1949ի Օգոստոս 14ին, մուսալեռցի ծնողներէ: Ան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Այնճարի «Յառաջ» նախակրթարանը, ուր նաեւ պատանի տարիքին կը ծանօթանայ իր ապագայ կեանքի ընկերուհիին՝ Շուշանին, ապա կը յաճախէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանը: Ճորճ 1969ին կու գայ Սան Ֆրանսիսքօ, շարունակելու իր բարձրագոյն ուսումը. ան կը յաճախէ Սան Հոզէի համալսարանը եւ ուրկէ նաեւ կը վկայուի Պսակաւոր գիտութեանց աստիճանով: 1971ին, Ճորճ Թաշճեան կ’ամուսնանայ իր դասընկերուհիին՝ Շուշան Փանոսեանին հետ, կազմելով իրենց երջանիկ բոյնը, ու կը բախտաւորուին երկու զաւակներով:
Ճորճ ճանչցուած էր որպէս տիպար ամուսին եւ հայր, բարի, մուսալեռցիի յատուկ նկարագրով, աշխատասէր, համեստ ու բոլորին օգնութեան հասնող: Յատկանշական էր իր մօտ ընթերցանութեան սէրը, անդադար կը կարդար՝ զօրացնելու իր գիտական պաշարը: Ան եղած է միշտ նախաձեռնող նորանոր աշխատանքներու ու իր բացառիկ իմացականութեան շնորհիւ միշտ ալ յաջողութեան հասած:
Ան առաջին օրէն իսկ եղած է գործօն անդամ մը գաղութէն ներս, օգնելով բոլոր աշխատանքներուն, ըլլան անոնք եկեղեցական, Հ.Մ.Ը.Մ., «Համազգային» կամ կուսակցական. օգնած է նիւթապէս ու բարոյապէս ուր որ պէտքը զգացուած է, ան երբեք չէ եղած փառքի ու աթոռի մարդ: Ճորճ եւ Շուշան 1974ական թուականներուն առաջինը եղած են որպէս պարուսոյցներ՝ կազմակերպելու «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի պարախումբը:
Սիրելի Ճորճ, քիչ մըն ալ մտերմաբար խօսինք, չեմ գիտեր, ինչ-ինչ պատճառներով, առանց մահուանդ մասին նախատեսութիւն մը ունենալու, կտակած էիր դիակիզել անշունչ մարմինդ:
Կտակդ գործադրուեցաւ, սակայն այդ պատճառ եղաւ, որ սիրելիներդ, հարազատներդ ու բարեկամներդ որպէս վերջին յարգանք խունկ ու մոմ վառելու, ափ մը հող թափելու տեղ մը չունենան, բայց ես հնարք մը գտայ, քեզմէ մէկ օր ետք տոքթ. Միսաք Արզումանեանին թաղումն էր: Այդ առիթով ափս լեցուցի հողով, կէսը թափեցի ի յարգանք տոքթորին, իսկ միւս կէսը ի յարգանք քեզի:
Չենք գիտեր հոգիդ ուր կը սաւառնի հիմա, բայց յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ բոլորիս մօտ: