ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 8-13ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Տէյվիսի թենիսի բաժակի եւրոափրիկեան գօտիի 4րդ խումբի մրցումները:
Խումբին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի, Անտորայի, Մոնթէնեկրոյի, Ռուանտայի եւ Պոցուանայի խումբերը: Ատրպէյճանի, Սենեկալի, Կապոնի, Լիպիոյ, Մալթայի եւ Ուկանտայի ներկայացուցիչները Երեւան չեն ժամանած:
Մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարարն է Սուարէն Ֆրիմել (Գերմանիա):
Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Հայկ Զոհրանեան, Յարութիւն Սոֆեան, Յովհաննէս Դաւթեան, Աշոտ Գէորգեան եւ Վահէ Աւետիսեանը:
1-4րդ դիրքերը գրաւող խումբերը յաջորդ տարի պիտի մրցին աւելի բարձր՝ 3րդ խումբին մէջ: