ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ», «Ազգ».- Հակադարձելով Երկուշաբթի օր Տիարպէքիրի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պէյտեմիրի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ’անտեսեն քրտաբնակ շրջաններու հարցերը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի օր իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ տեղի ունեցած ելոյթի մը ընթացքին անհիմն համարեց նման ամբաստանութիւններ:
Էրտողան աւելցուց, թէ Պէյտեմիր նման յայտարարութիւններ կատարելու փոխարէն շրջանի ժողովուրդին աշխատանքի կարելիութիւններ պէտք է ստեղծէ:
Պէյտեմիր նաեւ աւելցուցած էր. «Եթէ վարչապետն ու կառավարութեան այլ նախարարները կ’ուզեն Տիարպէքիրի դէմ բացայայտ պատերազմ յայտարարել, ես անոնց կ’ըսեմ՝ «փորձեցէք»: Մենք պատերազմէն պիտի չփախչինք: Տիարպէքիրը ամրոց է մըն է, որ պիտի չգրաւուի»:
Իր կարգին, Էրտողան յայտարարեց, թէ իր կառավարութիւնը հաւասարապէս կը մօտենայ բոլոր քաղաքապետութեանց: «Ով որ հակառակը կը պնդէ, թող փաստէ: Հատուածային, դասակարգային եւ ցեղային շահեր հետապնդող քաղաքականութիւնը արդէն անցած է պատմութեան գիրկը», աւելցուց ան:
Ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամները արդէն իսկ կը քննեն Պէյտեմիրի դէմ դատ բանալու կարելիութիւնները: Անոնք նաեւ կը քննադատեն աւելի խիստ պատասխան մը չտալու Էրտողանի կեցուածքը: