ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» թերթը Հինգշաբթի, Յունուար 25ին կը հաղորդէ, թէ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը ենթարկուած է քննադատութեան այն հարցով, թէ ինչո՞ւ յուղարկաւորութեան ընթացքին չէ գործածուած թրքական դրօշակը։
Տասնեակ հազարաւոր սեւ վերտառութիւններու կարգին պատշաճ է, որ գործածուէր Թուրքիոյ դրօշակը, ուրիշներու կողքին ըսած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Թուրհան Չէօմէզ եւ դիտել տուած է, որ յուղարկաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից կը դառնար, եթէ սգակիրները կրէին նաեւ թրքական դրօշակ:
Այս քննադատութեան պատասխանելով, յանձնախումբի նախագահ եւ «Ակօս»ի աշխատակից Այտըն Էնկին ըսաւ, որ իսկապէս երբեք չէին մտածած դրօշակ գործածելու մասին, բայց գործածելը եւս չէին արգիլած։ Պատճառն այն էր, որ որոշուած էր յատկապէս տպագրուած սեւ վերտառութենէն տարբեր որեւէ լոզունգ չգործածել եւ յուղարկաւորութեան քաղաքական հանգամանք չտալ։ «Իսկապէս բնաւ մեր միտքէն չանցաւ դրօշակ գործածել, բայց ասիկա յետին նպատակով չէ», ըսաւ ան։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Մուսա Չամ եւս յայտնեց, թէ իրենց ժողովներու ընթացքին բնաւ օրակարգի չեկաւ դրօշակ գործածելու առաջարկ մը։ «Այսպիսի առաջարկ մը չեկաւ եւ ընտանիքի փափաքին յարգանք ցոյց տալով, արգիլուեցաւ որեւէ տարբեր վերտառութեան գործածութիւնը։ Չանք թափեցինք, որ յուղարկաւորութիւնը քաղաքական բնոյթ չստանայ», ըսաւ Չամ։
Յանձնախումբի այլ անդամ մը՝ Թայֆուն Մաթէր ըսաւ, որ իրենց համար կարեւոր էր, որ Հրանդը ճանչցող ամէն մարդ տունէն ելլէր եւ թափօրին մասնակցէր։ Ան դիտել տուաւ որ 24 հազար սեւ վերտառութիւն տպուած էր եւ բաժնուած էր յուղարկաւորութեան մասնակիցներուն։ Մաթէր դիտել տուաւ, որ 8 քիլոմեթր երկարութեամբ այս քայլարշաւը կրնար վտանգի ենթարկուիլ, եթէ տարբեր վերտառութիւններ գործածուէին մասնակիցներու կողմէ։