ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իզմիրի փաստաբանական կաճառը կարգապահութեան հարցաքննութիւն բացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ամբաստանեալներէն Եասին Հայալի պաշտպան փաստաբան Ֆուատ Թուրկութի դէմ։
Ֆուատ Թուրկութ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան առաջին նիստի բացումէն առաջ կարգ մը անտեղի խօսքեր ըրած է թէ՛ Հրանդ Տինքի կնոջ ու դուստրերուն եւ թէ Տինքը պաշտպանող փաստաբաններու եւ կարգ մը լրագրողներու հասցէին։
Թուրկութ, նիստէն առաջ, Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլին ու զաւակներուն նայելով պոռացած է. «Այս որքան շատ հայ կայ»։ Իսկ Տինքը պաշտպանող փաստաբանին ըսած է. «Բոլորդ ալ հայ էք, բոլորդ ալ հայկական անցագիր ունիք»։
Հարցաքննութեան ընթացքին նկատի պիտի առնուին մամուլի մէջ հրատարակուած լուրերը։ Փաստաբան Թուրկութ բանավէճ ունեցած ու հայ ըլլալու «ամբաստանութիւններ» ըրած է նաեւ լրագրող Ճէնկիզ Չանտարին։
Ճէնկիզ Չանտարի ուղղուած իր խօսքերուն մէջ Թուրկութ ըսած է. «Դուն ալ «Ոճրագործ պետութիւն» պոռացի՞ր յուղարկաւորութեան ընթացքին»։ Երբ Չանտար պատասխանած է, որ յուղարկաւորութիւնը անձայն էր եւ ոչ մէկը բան մը պոռացած էր, այն ատեն ըսած է. «Բոլորդ ալ հայ էք. մինչեւ դժոխք ճամբայ ունիք, Հայաստան գացէք»։