ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին վերսկսած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին, Տինքի փաստաբանները շեշտեցին, թէ ոստիկանութիւնը շարք մը փաստեր եւ տեղեկութիւններ կը ծածկէ, իսկ այլ փաստեր ամբողջովին անհետացուած են:
Իրականութիւնը ծածկելու մտավախութեամբ արդէն իսկ հարիւրաւոր ցուցարարներ դատարանէն դուրս հաւաքուած էին, պահանջելով իսկական պատասխանատուներուն բացայայտումը:
Ոճիրը իրագործած 17ամեայ Օկիւն Սամասթ իր վկայութիւնը տալով յայտնած է, թէ այս արարքին դիմած է թմրեցուցիչներու ազդեցութեան տակ եւ աւելցուցած է, թէ ինք պարազապէս ուրիշներու հրահանգները կը գործադրէր:
Ցուցարարներուն շարքին էր Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան ղեկավար Քլոտիա Ռոթը, որ կրկնեց, թէ Թուրքիոյ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածն է իսկական ոճրագործը եւ աւելցուց, թէ Անգարա պէտք է անմիջապէս բարեփոխէ այս յօդուածը: