ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ու թերթի երկու աշխատակիցներ՝ Առատ Տինքի ու Սարգիս Սերովբեանի դէմ Շիշլիի դատարանին կողմէ նոր ամբաստանագիր մը պատրաստուած է «Թրքութիւնը նուաստացնելու ու նախատելու յանցանքով»։
Պատժական օրէնքի նշանաւոր 301րդ յօդուածին համաձայն, ամբաստանեալներուն դէմ վեց ամիսէն մինչեւ երեք տարի բանտարկութեան պատիժ կը պահանջուի։
Այս նոր ամբաստանութիւնը կու գայ «Ակօս»ի Յուլիս 21ի թիւին մէջ հրատարակուած «301ին դէմ մէկ քուէ» խորագրեալ յօդուածին մասին Հրանդ Տինքի կողմէ օտար գործակալութեան մը կատարուած յայտարարութենէն։ Հրանդ Տինք այս յայտարարութեան ընթացքին ըսած էր, որ անշուշտ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն պատահած է եւ արդիւնքը ա՛յդ է, որ ցոյց կու տայ. 4000 տարիէ ի վեր իր հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդ մը բոլորովին անհետացած է»։