Մինեսոթայի համալսարանի դասախօս, հանրածանօթ թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ բողոքագիր մը յղեց Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին՝ ընդդէմ Թուրքիոյ, թրքական պատժական օրէնքի 301րդ յօդուածին դէմ:
Աքչամի բողոքը հիմնուած է իր դէմ կատարուող հալածանքներուն վրայ, որովհետեւ ըստ թրքական իշխանութիւններուն, պատմաբանը խախտած է օրէնքի այդ տրամադրութիւնը, որ պատիժ կը նախատեսէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք թրքութիւնը կը նախատեն: Այս պարագային, որովհետեւ Աքչամ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածած է բնութագրելու համար 1915ի զանգուածային ջարդերը:
Դատարանը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Սթրազպուրկ, վերին գործադրողն ու հեղինակութիւնն է Եւրոպայի մէջ Մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու Ուխտին: Դատարանը կը ստանձնէ անհատներու կողմէ այս հարցերով բացուած դատեր՝ Ուխտը ստորագրած պետութիւններու դէմ:
Թանէր Աքչամ ըսաւ, թէ պատմութիւնը դիմակայելը եւ մարդկային իրաւանց անցեալի խախտումները ընդունիլը յանցանք չէ, այլ՝ նախապայման շրջանէն ներս խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար: Ան աւելցուց, որ իր նպատակն է օժանդակել Թուրքիոյ, որպէսզի անդրադառնայ, թէ կրնայ իսկապէս ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն դառնալ: Այս մէկը, ըստ Աքչամի, չի կրնար տեղի ունենալ, եթէ Թուրքիա շարունակէ ակադեմական բանավէճերը յանցանք նկատել:
Թուրք պատմաբանին փաստաբանն է դոկտ. Փայամ Աքհաւան, որ պատերազմական ոճիրներու գծով ՄԱԿի նախկին դատախազ մըն է եւ Մոնթրէալի ՄքԿիլ համալսարանէն ներս միջազգային օրէնքի դասախօս:
Դոկտ. Աքհաւան իր կարգին յայտարարեց. «Աշխարհի մը մէջ, ուր Ողջակիզումը ուրանալը յանցանք է, ցեղասպանութեան պետականօրէն հովանաւորուած ուրացումը նոյնքան յանցանք է: Խօսքի ազատութիւններու դէմ սահմանափակումները պէտք է ընդգրկեն նաեւ ատելութեան արտայայտութիւնները եւ ոչ թէ ատելութեան դէմ արտայայտութիւնները»:
Եւրոպական նշեալ դատարանը Թանէր Աքչամի ներկայացուցած բողոքի թղթածրարը պիտի քննէ եւ վճիռ արձակէ մինչեւ մէկ տարի: Եթէ թղթածրարը ընդունելի համարուի, դատարանը կողմերը պիտի հրաւիրէ, որպէսզի փոխադարձաբար ընդունելի լուծումի մը յանգին: Հակառակ պարագային, դատարանը հարցը պիտի քննէ եւ համապատասխան վճիռ կայացնէ, որ պարտադիր է ստորադիր պետութիւններուն համար: