ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ Heritage Foundation կազմակերպութեան հրապարակած 2007ի տնտեսական ազատութեան ցուցիչին, այս բնագաւառէն ներս Հայաստան աշխարհի 161 երկիրներու ցուցակին մէջ կը գրաւէ 32րդ, իսկ ԱՊՀի մէջ՝ առաջին դիրքը:
Ցուցակին մէջ Վրաստան կը գրաւէ 35րդ դիրքը, իսկ Ատրպէյճան՝ 107րդը:
Նշենք, որ աշխարհի ամենաազատ տնտեսութիւնը ունի Հոնկքոնկը, իսկ ցուցակը կ’եզրափակէ Իրաքը: