
Կիներու պատմութեան ամսուան առիթով, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը 12 Մարտին իրականացուց ընտրատարածքին (նահանգային Ծերակոյտի 25րդ) երեւելի կիներ մեծարող ձեռնարկը։
15 մեծարեալներու շարքին էին՝ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան հիմնադիր տոքթ․ Ֆրիտա Ճորտըն, Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան 20 տարիներու անդամ Յասմիկ Քէյրիպարեան եւ հայկական վարժարաններու եւ կազմակերպութիւններու միջոցաւ երկար տարիներ սպասարկութիւններ մատուցած Դալին Խաչատուրեան։