
ՎԱՂԻՆԱԿ Ս. ՊԱՊԱՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Պաղտատ, Իրաք)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վաղինակ Պապայեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2023ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը` Glendale Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 1712 S. Glendale Ave., Glendale, CA 91205։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սեդա Պապայեան
Դուստրը՝ Զելա եւ Վազգէն Անուշեան եւ զաւակը՝ Տէյվիտ
Զաւակը՝ Կարօ եւ Յասմիկ Պապայեան եւ զաւակները՝ Տանիէլ եւ Քրիսթըֆըր
Դուստրը՝ Սիլվի եւ Պերճ Պէրպէրեան եւ զաւակները՝ Անտրու եւ Ալեքսանտր
Քոյրը՝ Վեհանուշ Սօսիկեան եւ զաւակները եւ ընտանիքները
Եղբայրը՝ Վազգէն Պապայեան եւ դուստրը եւ ընտանիքը
Եղբօր կինը՝ Ծաղիկ Պապայեան եւ զաւակները՝ տոքթ. Արա Պապայեան եւ տոքթ. Արմէն Պապայեան
Եւ համայն Պապայեան, Անուշեան, Պէրպէրեան, Սօսիկեան, Կարապետ, Անթէքէլեան, Յովհաննէսեան, Իսքենտէրեան, Աբրահամեան եւ Տաուուտ ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave., Glendale։
***
ՎԱՂԻՆԱԿ Ս. ՊԱՊԱՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՂԻՆԱԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆի՝ Ս. Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկար տարիներ ծառայած հոգաբարձուին եւ երեսփոխանական կազմի անդամին, մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր դասը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Սեդային, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը:
ՎԱՂԻՆԱԿ Ս. ՊԱՊԱՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Կլետնէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։