ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան երէկ Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան կրնայ միայն ողջունել ԱՄՆի Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ամերիկահայութեան տարած աշխատանքը:
Կիրակոսեան ըսաւ. «Պաշտօնական Երեւանը չի կարող լոպպիստական կամ որեւէ այլ գործողութեամբ միջամտել ԱՄՆ Քոնկրէսում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունմանը: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը ողջունում եւ սատարում է ԱՄՆի, ինչպես նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական կազմակերպութիւնների՝ Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ուղղուած ջանքերը»:
Արման Կիրակոսեան աւելցուց, թէ այս բանաձեւի ընդունումը չի նշանակեր, թէ Թուրքիան անմիջապէս պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում պիտի կատարէ Հայաստանին կամ հայ ժողովուրդին: «Այնուամենայնիւ, սա բարոյական, անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային իմաստով շատ կարեւոր երեւոյթ կը լինի», ըսաւ ան:
Ա. Կիրակոսեան յայտնեց, թէ 1960ական թուականներէն սկսեալ, Քոնկրէսին մէջ նման բանաձեւեր բազմիցս ներկայացուած են, սակայն ոչ մէկը իր վերջնական հանգրուանին հասած է: Այսուհանդերձ, ըսաւ ան, «Քոնկրէսն այսօր ղեկավարում են դեմոկրատները, Ներկայացուցիչների տան խօսնակ Նենսի Փելոսին վերահաստատել է բանաձեւին աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը. այս ամէնը յուսադրում են, որ այս անգամ բանաձեւն իր վերջնական նպատակին կը հասնի»: Այն հանգամանքը, որ Փելոսի չէ ընդունած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլը, Կիրակոսեան համարեց բանաձեւի ընդունման հաւանականութեան միտում: «Հնարաւոր է, որ խօսնակը («Ա.».- Փելոսի) չի ընդունել, հետեւաբար՝ անբարենպաստ են համարել նոր պատուիրակութիւն ուղարկելը կամ միգուցէ Քոնկրէսում դիմադրութեան են հանդիպել», եզրակացուց ան:
Կիրակոսեան շարունակեց ըսելով, որ այս ամէնը չեն նշանակեր, որ ԱՄՆ վարչակազմը լծակներ չունի Քոնկրէսի վրայ եւ պիտի չփորձէ կիրարկել զանոնք: «Թուրքիան ամէն ինչ կ’անի խոչընդոտելու բանաձեւի ընդունումը, ԱՄՆ վարչախումբն իր հերթին կ’անի հնարաւորը, որպէսզի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները չվատթարանան, իսկ հայկական կազմակերպութիւններն էլ կ’անեն ամէն ինչ, որպէսզի բանաձեւն ընդունուի», եզրակացուց Ա. Կիրակոսեան:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ՓՈԽՈՒԱԾ
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա կապերուն, Կիրակոսեան ըսաւ. «Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի հայ-թուրքական յարաբերութիւններ հաստատելու: Մենք շարունակում ենք Թուրքիային առաջարկել համագործակցութիւն, որը կը յանգեցնի ընդհանուր հաշտեցման: Մինչդեռ Թուրքիան շարունակում է նախապայմաններ դնել Հայաստանի առջեւ», իսկ այդ նախապայմաններն են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծում, ապա նոր միայն գործակցութիւն: «Սա է ներկայիս հայ-թուրքական ոչ պաշտօնական շփումների եւ յարաբերութիւնների հիմնական առանձնայատկութիւնը», նկատեց Ա. Կիրակոսեան:
Ան աւելցուց, որ «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մասին խօսելիս, այնուամենայնիւ, նկատւում էր, որ Թուրքիայի իշխանութիւններն այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու ցանկութիւն ունեն: Նման ցանկութիւն ունեն նաեւ Թուրքիայի գործարար շրջանակները», սակայն ի տարբերութիւն իշխանութիւններուն, գործարարները որեւէ նախապայման չեն դներ սահմանի բացման համար:
Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, կը թուէր, թէ Թուրքիա, ստեղծուած ճնշումի մթնոլորտին տակ, որոշ քայլեր կ’առնէ հայ-թրքական կապերը բարելաւելու ուղղութեամբ, սակայն «Թուրքիան շարունակում է իր որդեգրած նոյն քաղաքականութիւնը: Աւելի՛ն՝ այսօր Թուրքիան հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցը մի կողմ թողած, ողջ ուժերը կենտրոնացրել է ԱՄՆ Քոնկրէսում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման դէմ», նկատեց Ա. Կիրակոսեան: