
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Երկուշաբթի, Ապրիլ 24ին, Քոնկրեսին ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նպաստելու նպատակով քոնկրեսականներ Աննա Էշուի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Թետ Լիուի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջարկը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող առաջարկին վաւերացումին պարագային, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրներու համար, Քոնկրեսի գրադարանին 10 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի հինգ տարիներու ընթացքին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց առաջարկը, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայութիւնը կը դիմագրաւէ երկրորդ ցեղասպանութեան վտանգը։
Առաջարկին ցարդ կը զօրակցին 38 այլ քոնկրեսականներ։