ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մ. Արեւելեան պատմութեան բնագաւառին մէջ ծանօթ անուն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող պատմաբան Պեռնըրտ Լէուիս վերջերս պարգեւատրուեցաւ National Humanities շքանշանով՝ նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Նոյեմբեր 9ին, Սպիտակ տան հաւկթաձեւ գրասենեակին մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին, Լէուիս պարգեւատրուեցաւ: Ներկայ էր նաեւ առաջին տիկին Լօրա Պուշ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան ուրացող մը պարգեւատրելը հանրութեան վստահութեան դաւաճանել է:
Լէուիս, որ ներկայիս Փրինսթընի համալսարանէն ներս պատուոյ փրոֆեսէօր է, իբրեւ պատմաբան իր առաջին տարիներուն, պարկեշտօրէն մօտեցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին, զայն կոչելով «ահաւոր ողջակիզում մը»: Հետագային սակայն, ան շրջեց իր կեցուածքը, ծառայելով թրքական կառավարութեան ուրացման արշաւին՝ Փրինսթընի իր պաշտօնակիցներէն Հիթ Լորիի նման, որու վարձու գրիչ ըլլալը բացայայտուած էր 1995ին:
Լէուիսի կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը միջազգային լրատուութեանց նիւթ դարձաւ Յունիս 21, 1995ին, երբ ֆրանսական դատարան մը զայն դատապարտեց 1993ին «Լը Մոնտ» թերթին մէջ իր հարցազրոյցին համար: Ֆրանսական դատարանը «սխալ ընթացքի մէջ» գտաւ Լէուիսը եւ զայն դատապարտեց խորհրդանշական մէկ ֆրանք տուգանքի, իսկ թերթին պարտադրեց հրատարակել դատարանին վճիռը, որ կը պարունակէր պատմական հիմնաւորումներ:
Սպիտակ տունը այս շքանշանով կը պարգեւատրէ այն անձերը կամ հաստատութիւնները, որոնք կ’օժանդակեն մարդկային ընկերութենէն ներս իրարհասկացողութեան: Կարգը հաստատուած է 1988ին: