ՓԱՓԷԹ ՖԼԷԹ, Քալիֆորնիա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, Լոս Անճելըսէն արեւելք գտնուող Փալմ Սփրինկզի մօտերը սկսած հրդեհ մը զսպելու փորձերը շարունակուեցան Ուրբաթ օր, աւելի քան հազար հրշէջներու կողմէ:
Հինգշաբթի յետմիջօրէին չորս հրշէջներ զոհ գացին «Սանթա Անա» հովերուն պատճառով արագօրէն տարածուող հրդեհին, մինչ ուրիշ մը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Տեղական իշխանութիւնները 100,000 տոլար խոստացան հրդեհը յառաջացնողին կամ յառաջացնողներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցողներուն, մատնանշելով, թէ անոնց արարքը մարդասպաններ դարձուցած է զիրենք:
Հրշէջները Հինգշաբթի օր 700 հոգի հեռացուցին վտանգուած շրջաններէն, իսկ քանի մը հարիւր ուրիշներ Ուրբաթ օր տեղահան եղան:
Նկարին մէջ, հրշէջ մը կը պայքարի կրակի պատի մը դէմ: