ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Քոնկրէսէն ներս Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրէնք Փալոն (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Էնթընի Ուայնըր (Դ., Նիւ Եորք) խստօրէն քննադատեցին Ռիչըրտ Հոկլընտը Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին կրկին առաջադրելու Սպիտակ տան որոշումը, յատկապէս հաշուի առնելով անոր դէմ թէ՛ ամերիկահայերու եւ թէ Քոնկրէսէն ներս երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կեցուածքը:
Փալոն իր ընդդիմութիւնը յայտնեց Ներկայացուցիչներու տան նիստին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, իսկ Ուայնըր՝ նախագահ Ճորճ Պուշին իր յղած նամակով:
Անցեալ տարի, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անդամներու կէսէն աւելին իր ընդդիմութիւնը յայտնեց Հոկլընտի նշանակումին, իսկ Ներկայացուցիչներու տունէն ներս՝ աւելի քան 60 քոնկրէսականներ:
Ուայնըր իր Յունուար 11, 2007 թուակիր նամակով, նախագահ Պուշի դիտել տուաւ, թէ ինք խորապէս յուսախաբ է Հոկլընտը երկրորդ անգամ առաջադրելու նախագահին որոշումով, «հակառակ այն փաստին, որ ամերիկահայերու 97 տոկոսը կ’ընդդիմանայ անոր նշանակումին: Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալը Հոկլընտը անարժան կը դարձնէ Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին»:
Ուայնըր իր նամակը եզրափակեց ըսելով. «Ժամանակն է, որ վարչակազմը շրջէ իր վարքագիծը եւ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
Իր կարգին, Փալոն Ներկայացուցիչներու տան մէջ Յունուար 12ի իր ելոյթի ընթացքին շեշտեց, թէ անկարելի է, որ Հոկլընտ հաստատուի իր պաշտօնին վրայ, որովհետեւ ան կը շարունակէ իր ուրացման վարքագիծը: Ան Ծերակոյտէն պահանջեց, որ ընդդիմանայ Հոկլընտի անունին:
Աւարտին, Փալոն եւս վարչակազմէն պահանջեց, որ հայութեան 1915ի զանգուածային ջարդերը կոչէ իրենց իսկական անունով՝ ցեղասպանութիւն: