Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին, Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7ին, «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ թերթի հիմնադրութեան 80ամեակի ծիրին մէջ ստեղծուած մամլոյ լսարաններու շարքին 4րդը, որ կը կրէր «Փաստավաւերագրական ժապաւէններ-մետիա առնչութիւնը» խորագիրը, զեկուցաբեր՝ Սիւզան Խարտալեան։
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ անդրադառնալէ ետք «Ազդակ»ի հիմնադրութեան 80ամեակի նախաձեռնութիւններուն, յայտնեց, թէ Սիւզան Խարտալեան փաստավաւերագրական ժապաւէններու ծանօթ հեղինակ եւ բեմադրիչ է։
Ժ. Յակոբեան հաստատեց, թէ «Ազդակ»ի խմբագրատունը Ս. Խարտալեանին համար հարազատ յարկ է՝ մեկնելով այն իրականութենէն, որ երկար ժամանակ ան եղած է թերթին պատասխանատու խմբագիրներէն մէկը։
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր Սիւզան Խարտալեան, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ իրեն համար «Ազդակ»ը անկաշկանդ արտայայտուելու վայր մըն էր, եւ ան յոյս յայտնեց, որ «Ազդակ»ը կը մնայ մամլոյ դերակատարութեան մէջ հիմնական ջահակիրը։
Խարտալեան ըսաւ, որ վաւերագրական ժապաւէնը ունի բազմաթիւ ձեւեր եւ տեսակներ. ան հաստատեց, թէ նմանօրինակ ժապաւէններուն մէջ պէտք է գոյութիւն ունենայ առարկայականութիւն եւ անկողմնակալութիւն։
Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին այնպիսի վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք կը կրեն ծանուցողական բնոյթ, մինչ ուրիշներ կը քննարկեն մարդկային ընկերութիւնը յուզող քաղաքական եւ ընկերային լարուածութիւններ ու բախումներ, ցեղային խտրականութեան հարցը, միջպետական տագնապներ, մարդկային իրաւունքներ եւ այլն։
Սիւզան Խարտալեան ըսաւ, որ քաղաքականութիւնը լաւագոյն ձեւով իր արտայայտութիւնը կը գտնէ վաւերագրական ժապաւէններուն ճամբով։ Ան նաեւ յայտնեց, որ ինք իր պատրաստած ժապաւէններուն ճամբով կը միտի որոշ նիւթերու շուրջ ստեղծել քննարկումներու եւ հարցերու ծանօթացման սկզբնաղբիւրներ։ Այս ծիրին մէջ ան նաեւ շեշտեց, թէ գրաւոր մամուլը ունի մեծ դերակատարութիւն։
«Պէք թու Արարատ» վաւերագրական ժապաւէնին բեմադրիչը ըսաւ, որ Եւրոպայի մէջ նմանօրինակ ժապաւէններու պատրաստութիւնը պետութիւններու մշակութային ծրագիրներուն մաս կը կազմէ, ուր յարաբերաբար ազատութիւն գոյութիւն ունի։
Զեկուցաբերը ըսաւ, որ ժապաւէններու պատրաստութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին նիւթական ներդրումներն ու հովանաւորողները, որոնց բացակայութեամբ կարելի չէ իրականացնել ժապաւէններու պատրաստութեան ծրագիրները։
Զեկուցաբերը նշեց, որ վերջին ժամանակաշրջանին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ վաւերագրական ժապաւէնները ամէնէն շատ ընդունելութիւն գտած ճիւղն են։ Ան յայտնեց, որ ինք կ՚աշխատի «Երիտասարդ Ֆրէօյտը Կազայի մէջ» վաւերագրական ժապաւէնին վրայ, որուն մէջ կը ներկայացուի պաղեստինեան իրավիճակը, հասարակութեան տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ բախումներն ու ընկերային տագնապները։
Իսկ անդրադառնալով «Ես կ՚ատեմ շուները» գործին՝ Խարտալեան ըսաւ, որ այս ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են համամարդկային արժէքները, որոնց մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կը փոխանցուի իբրեւ վերապրողներու արուեստ։
Իր խօսքին աւարտին Ս. Խարտալեան հաստատեց, թէ գրաւոր մամուլն ու վաւերագրական ժապաւէններուն հեղինակները պէտք չէ խուսափին հարցապնդումներէ, որոնք հարցերու ամբողջական քննարկման ու զարգացման հիմնական տարրերն են։
Լսարանին աւարտին զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։