ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով, կը վերանորոգուի Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղի Յովիկ Էդգարեանի անուան արուեստի դպրոցը: Ըստ հիմնադրամի հաղորդագրութեան, Փետրուար ամիսէն ի վեր տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներով, վերակառուցուած է դպրոցի մասնաշէնքի տանիքը, ամրացուած են պատերը, նորոգուած է յատակը, կառուցուած են ներքին ջրագիծերը եւ տեղադրուած են նոր դուռներ ու պատուհաններ: Այժմ կը կատարուին ներքին յարդարման աշխատանքները:
140 հազար տոլար արժէքով ծրագիրը նախատեսուած է աւարտել Օգոստոսին: