ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 12ին, Իսլամապատի մէջ գտնուող Կարմիր մզկիթին վրայ բանակին յարձակումին ընթացքին սպաննուած կրօնապետ Ապտիւլ Ռաշիտ Ղազի եւ յարձակումին ընթացքին անոր համակիրներէն մօտաւորապէս 75 քաղաքայիններուն մեծ մասը հողին յանձնուեցան, մինչ Փաքիստանի բանակը յայտարարեց, որ իր ամբողջական հակակշռին տակ առած է մզկիթը։
Բանակը յայտնեց, որ մզկիթին դէմ զինուորական գործողութեան ընթացքին սպաննուած են նաեւ 11 զինուորներ: Մինչ այդ, առնուազն 21 հոգի, ներառեալ բանակային հրամանատար մը սպաննուած էին շրջափակման ընթացքին, մինչ 1300 հոգի յաջողեցաւ համալիրէն հեռանալ։
Բանակը մէկ շաբաթ պաշարած պահելէ ետք մզկիթին համալիրը, Երեքշաբթի օր որոշեց հոն ներխուժել, երբ կարելի չեղաւ բանակցութիւնները արդիւնաւորել:
Փաքիստանցի զինուորները մզկիթի համալիրին մէկ անկիւնը ամրացած զինեալներուն դէմ կռուեցան մինչեւ Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք, ապա բանակը յայտարարեց, որ զինուորական գործողութիւնը աւարտած է։
Սպաննուածներուն կողքին աւելի քան 70 զինեալներ ձերբակալուած են։
Փաքիստանի վարչապետ Շաուքաթ Ազիզ յայտնեց, որ մզկիթի համալիրին մէջ կիներու կամ մանուկներու դիակ չէ գտնուած:
Այն մտավախութիւնը գոյութիւն ունի, որ արմատական այլ մզկիթներու անդամները բուռն հակադարձութիւն պիտի ունենան այս գործողութեան նկատմամբ։ Ըստ վերլուծաբաններու՝ անոնք վստահաբար Ղազին պիտի նկատեն նահատակ մը եւ անոր մահը պիտի միացնէ Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆին ընդդիմացող արմատական իսլամականները։
Հարիւրաւոր ցուցարարներ Քարաչիի եւ Փեշաուարի մէջ ներխուժման դէմ բողոքեցին։