ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յուլիս 10ի կանուխ ժամերուն փաքիստանեան ուժեր սկսան զինուորական գործողութիւն մը, վերջ տալու համար շաբաթ մը առաջ շրջափակուած Կարմիր մզկիթին պաշարման, որովհետեւ մզկիթին մէջ պատանդներ պահող զինեալներուն հետ բանակցութիւնները ձախողած էին:
Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ մէկ օր առաջ կազմած էր բանակցութեանց յատուկ խմբակ մը, սակայն մզկիթին կրօնապետ Ապտուլ Ռաշիտ Ղազի կտրուկ կերով մերժած էր յանձնուելու պայմանը: Երեքշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան կրօնապետը եւ 50է աւելի ուրիշներ, իսկ բանակէն սպաննուեցան ութ զինուորներ:
Միւս կողմէ, Փեշաուարի մէջ չինացի երեք աշխատաւորներ սպաննուեցան: Յարձակումը հաւանաբար կապ ունի Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն հետ։ Գոյութիւն ունի այն վարկածը, թէ իսլամ զինեալները Փաքիստանի մէջ ապրող չինացիները ընտրած են իբրեւ թիրախ։
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ Կարմիր մզկիթի պաշարումը սկսած էր, երբ այդ մզկիթը յաճախող ուսանողներ առեւանգած էին եօթը չինացիներ, որոնք, ըստ ուսանողներուն, հանրատուն մը ունէին։
Չինաստան անմիջապէս դատապարտեց Փեշաուարի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնները, պահանջելով, դէպքին շուրջ քննութիւն կատարել եւ երկրին մէջ գտնուող չինացիները պաշտպանելու համար յարմար քայլերու դիմել։
Իսլամապատի մէջ, ընդդիմադիր Իսլամական դաշինքի անդամներ եւ կրօնաւորներ Երկուշաբթի օր քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Կարմիր մզկիթ, պահանջելով, որ իշխանութիւնները նման զինուորական գործողութեանց համար Գերագոյն ատեանէն արտօնութիւն ստանան։
Փաքիստանի կրօնական հարցերու նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ մզկիթին մէջ առնուազն հինգ «փորձառու ահաբեկիչներ» կային, որոնցմէ մէկը բախումներուն առաջին օրն իսկ սպաննուած էր: Ըստ նախարարութեան, զինեալները «Քայիտա»ի հետ կապեր ունին։
Նկարին մէջ, զինեալ բախումներու վայր հանդիսացած մզկիթին համայնապատկերը: