ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի հիւսիսային Ուազիրիստան շրջանին մէջ թալեպաններու գաղափարակից ցեղախումբերու զինեալները յայտարարեցին, որ վերջ տուած են կառավարութեան հետ կնքուած զինադադարի համաձայնութեան: Շրջանի մեծագոյն քաղաքին՝ Միրանշահի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ զինեալները կառավարութիւնը ամբաստանեցին համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով:
Յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ, երբ Փաքիստանի իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ Կարմիր Մզկիթ ներխուժելէ ետք «սրբազան պատերազմ»է մը վախնալով շրջանին մէջ յաւելեալ զինուորներ տեղադրեցին: Կարմիր Մզկիթի բախումները պատճառած էին 102 զոհ:
Անցեալ Սեպտեմբերին գոյացած զինադադարը վերջ տուած էր երկու տարի տեւած բախումներուն եւ կը միտէր շրջանէն դէպի Աֆղանիստան կատարուած յարձակումները դադրեցնել:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած բռնարարքներու ընթացքին մօտաւորապէս 70 հոգի սպաննուեցաւ շրջանին մէջ:
Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ անցեալ շաբաթ նաեւ յայտարարած էր, թէ ծայրայեղականները «երկրին բոլոր անկիւններէն» արմատախիլ պիտի ընէ: