ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ Չորեքշաբթի օր, արհամարհելով ամերիկեան ճնշումները, քաշուեցաւ աֆղան եւ փաքիստանցի աւելի քան 600 ցեղապետներ համախմբող ժողովէ մը, որ կոչուած էր սանձելու ապահովական կացութիւնը թէ՛ Աֆղանիստանի եւ թէ Փաքիստանի հետ սահմանային շրջաններուն մէջ:
Աֆղան պաշտօնատարներ անկարեւոր նկատեցին Մուշարրաֆի քաշուիլը, ըսելով, որ ցեղապետները, որոնք գետնի վրայ կացութեան տէրն են, արդէն այսօր, Հինգշաբթի պիտի մասնակցին այս կարեւոր նկատուած ժողովին:
Ըստ քաղաքական դէտերու, Մուշարրաֆ կ’ուզէ այս ձեւով պատգամ մը յղել ամերիկացիներուն, որոնք վերջերս սկսած էին զինք նեղ կացութեան մատնել, մինչեւ իսկ սպառնալով զինուորական քայլերու դիմել Փաքիստանի դէմ:
Ուաշինկթընի մէջ, պետական բաժանմունքի բանբեր մը ըսաւ, թէ Պուշի վարչակազմը անակնկալի եկած եւ ապշած է Մուշարրաֆի այս քայլէն: