Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժեմայէլի անարգ սպանութեան կապակցաբար, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Երկուշաբթի օր, պաշտօնապէս իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց Լոս Անճելըսի Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսին:
Արդարեւ, հիւպատոսութիւնը, ջնջելով Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւնները, Երկուշաբթի օրը յայտարարած էր սուգի եւ ցաւակցութեանց ընդունման օր: Կեդրոնական Կոմիտէի անունով Ժան Գոսագեան եւ Գարեգին Խանճեան այցելեցին հիւպատոսարան, անձամբ հանդիպում ունեցան գլխաւոր հիւպատոս Շարպէլ Ուահպէի հետ եւ շրջանի Դաշնակցութեան շարքերուն ու ընդհանրապէս Լիբանանէն Լոս Անճելըս հաստատուած հայութեան կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեցին անոր:
Գլխաւոր հիւպատոսը համապարփակ արժեւորում կատարելով Լիբանանի քաղաքական կացութեան մասին շեշտեց, որ որեւէ ժամանակէ աւելի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի Լիբանանի տարբեր համայնքներու համերաշխութեան: Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները իրենց կարգին նշեցին համայնքային դրութեան հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ մատնաշեցին, որ համայնքներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի պակասը երկիրը կը մատնէ տագնապի, յատկապէս երբ համայնքի մը անունով քաղաքական ուժ մը կը փորձէ իր կամքը պարտադրել այլ համայնքներու վրայ:
Հանդիպման աւարտին, երկուստեք շեշտուեցաւ, թէ անընդունելի են քաղաքական այս ոճիրները, ինչ որ միայն արտաքին թշնամիներու ու ներքին գործակատարներու գործակցութեան արդիւնքը կրնայ ըլլալ: Լիբանանի խաղաղութեան ամրապնդման ու քաղաքական տագնապին բարեյաջող լուծման մաղթանքներով, Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները մեկնեցան հիւպատոսարանէն: