ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Յունուար 17ին, քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութեան՝ ՕՓԷՔի Վիեննայի նստավայրին մէջ, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ ՕՓԵՔի միջազգային հիմնադրամը ստորագրեցին փոխառութեան համաձայնագիր, որ կ’առնչուի ենթակառոյցներու վերականգնումին:
Ըստ համաձայնագիրին, Հայաստանին պիտի տրամադրուի 10 միլիոն տոլարի վարկ՝ լեռնային, նախալեռնային եւ սահմանամերձ տարածքներու ենթակառոյցներու վերականգնման համար:
Նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ ՕՓԵՔի այս հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Սուլէյման Ալ Հերպիշ համաձայնեցան գործակցութիւնը զարգացնել:
Ստորագրութեան արարողութեան մասնակցեցան Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան եւ ԵԱՀԿի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Չիւան Թապիպեան: