ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ մէջ առողջապահական մարզը յաւելեալ բժիշկներու եւ բժիշկներու օգնականներու կարիքը ունի՝ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ներկայացուց բանաձեւ մը, որ Քալիֆորնիոյ մէջ իբրեւ բժիշկի օգնական ծառայելու առիթ պիտի ընծայէ Հայաստանի մէջ վկայուած բժիշկներուն։
Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 1041 բանաձեւին շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն ապրելու իրաւունք կամ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստացած եւ Հայաստանէն վկայուած բժիշկներ, Երեւանի պետական համալսարանին եւ Քալիֆորնիայէն վարկաւորուած շարք մը համալսարաններու համագործակցութեամբ գոյացած ծրագիրի մը շնորհիւ՝ նահանգին մէջ երկու տարի իբրեւ բժիշկի օգնական պիտի ծառայեն, իրենց գիտութիւնը դնելու ի սպաս նահանգի բնակչութեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեան ողջունեց այս քայլը՝ աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ Հայաստանի մէջ վկայուած բժիշկները նաեւ պիտի կարենան իրենց մասնագիտութիւնը վերամշակել՝ նահանգին մէջ իբրեւ բժիշկ եւս ծառաելու առիթ ստանալու համար։