ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- «Արտոյտներու ագարակը» շարժանկարը նկարահանելու ժամանակ թրքական կողմէ մեծ ճնշումներ թէեւ չեն եղած, սակայն արձագանգները անխուսափելի էին, երէկ, Յունիս 19ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց իտալացի հանրայայտ բեմադրիչ Փաուլօ Թաւիանի եւ աւելցուց, որ Թուրքիա ինք իր մէջ ուժ պէտք է գտնէ դատապարտելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Թաւիանի յայտնեց նաեւ, որ նկարահանման աշխատանքները սկսելու օրերուն, թրքական թերթերը բազմիցս անդրադարձած են այս թեմային եւ նշած են, որ Եւրոխորհուրդի ծիրէն ներս կը ֆինանսաւորուի այնպիսի աշխատանքի նկարահանում, որ դէմ է Թուրքիոյ քաղաքականութեան:
Շարժանկարի արտադրիչ Կրացիա Վոլփի տեղեկացուց, որ նկարահանման աշխատանքները սկսելու համար դիմած են Եւրոյանձնաժողովին՝ անհրաժեշտ աջակցութիւն ստանալու համար: Այդ խնդրանքին պատասխանելէ առաջ, յանձնաժողովի քննարկումներու արդիւնքով միակ դէմ անդամը եղած է Թուրքիան:
Փ. Թաւիանի նշեց նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիմած են նաեւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարին այն հարցով, թէ ինչո՞ւ կը թոյլատրեն այնպիսի շարժանկարի նկարահանումը, որ թուրք ժողովուրդի դէմ է: Ի պատասխան թրքական կողմին՝ իտալացի պաշտօնատարը ըսած է, որ «Իտալիոյ մէջ արուեստը ազատ է»:
«Մենք հասկանում ենք, որ թուրք ժողովուրդը կարող է եւ չսիրել այս շարժանկարը, սակայն պատասխանը հետեւեալն է՝ Իտալիայում եղել է ֆաշիզմ, որը դատապարտուել է, Գերմանիայում եղել է նացիզմ, ինչը թէեւ դժուարութեամբ, բայց նորից դատապարտուել է: Ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիայի կառավարութիւնը չի կարողանում գտնել այն ուժը, որ դատապարտի երիտթուրքերի արածը», ըսաւ Փ. Թաւիանին եւ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի, ազգի պատմութեան մէջ կան մութ էջեր, որոնք պէտք է լուսաւորուին, պարզուին նոր սերունդներու կողմէ եւ նոյնը պէտք է ընէ նաեւ Թուրքիան:
Նոյն օրը շարժանկարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրէն ներս, Փաուլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանի եղբայրները շարժանկարի համաշխարհային ասպարէզին մէջ իրենց ունեցած մեծ վաստակի համար պարգեւատրուեցան Ս. Փարաջանովի անուան մրցանակով:
Նշենք, որ անոնք արժանացած են նաեւ Հայաստանի նախագահի մրցանակին:
Աւելցնենք, որ Յուլիս 9ին, երեւանեան «Ոսկէ ծիրան» 4րդ փառատօնի բացումը պիտի կատարուի «Արտոյտներու ագարակ»ով: