Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 27 Յուլիսին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին կողմէ։ Այս միութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը նախկին իրաքահայեր են։
Ներկայացուցիչները առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեցին Ազգ. առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքին համար ու ծանօթացան անոր յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն։ Անոնք առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեցին միութեան 15ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Օգոստոսին։
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան նախանձախնդիր մօտեցումին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն։