ԱՆԹԻԼԻԱՍ. – Յունաստանի Ռոտոս կղզիին մէջ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Գ. համագումարին, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 500 մտաւորականներ, քաղաքագէտներ, դասախօսներ, պետական ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ աստուածաբաններ, յանուն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին կը մասնակցի Եզնիկ արք. Պետրոսեան, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ տիկ. Թենի Սիմոնեան։
Արամ Ա. կաթողիկոս անձամբ հրաւիրուած էր դասախօսելու յիշեալ համագումարին, սակայն բազմազբաղ ըլլալուն իր պատգամը յղեց, զոր կարդաց Սեպուհ արք. Սարգիսեան, համագումարի բացման նիստին։ Վեհափառը իր պատգամին մէջ նախ կը շեշտէ, թէ քաղաքակրթութիւնը համապարփակ իրականութիւն մըն է, անոր մաս կը կազմեն կրօնը, մշակոյթը ու մարդկային աւանդութիւններ ու արժէքներ։ Ապա, վեհափառ հայրապետը կը յիշեցնէ քաղաքակրթութեան յիշեալ տարածքներուն ներքին սերտ յարակցութիւնը։
Մեկնելով այս իրողութենէն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեր կ’առնէ երեք կէտեր.-
1.- Կրօններու երկխօսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ստացած է ներկայ աշխարհին մէջ, նկատի ունենալով կրօնի հզօրացող դերը ընկերութեան կեանքէն ներս։ Ինչպէս նաեւ կրօնի նկատմամբ մարդոց ունեցած տարբեր ու երբեմն հակադիր մօտեցումները։
2.- Արժէքներու երկխօսութիւնը կը կազմէ հիմքը կրօնի, մշակոյթի կամ քաղաքակրթութեան, որովհետեւ արժէքներն են որ անոնց կու տան խորք, ինքնութիւն ու նպատակ։ Ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, արժէքներու բախում մը կայ, որովհետեւ տարբերութիւնը դարձած է աղբիւր բաժանման եւ ոչ թէ հարստացման ու յառաջդիմութեան։
3.- Քաղաքակրթութիւն մշակոյթ կամ կրօն, տեսութիւններ չեն, այլ՝ անոնք անմիջականօրէն առնչուած են մարդ անհատին։ Հետեւաբար, մարդերու, համայնքներու, ընկերութիւններու, ազգերու երկխօսութիւն է, որ տեղի կ’ունենայ եւ ոչ թէ սոսկ գաղափարներու։
Վերոյիշեալ կէտերէն յետոյ, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ կը յիշեցնէ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, երկխօսութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որպէս միակ միջոց մարդկութեան ու ստեղծագործութեան գոյութեան պահպանման, մարդկութեան դիմագրաւած չարիքներու վերացման եւ արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ »ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐՈՒԱՆ«
Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Պէյրութի յոյն կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի »Հաւատք եւ միութիւն« միաւորին կազմակերպութեամբ եւ գործակցաբար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի գրասենեակին, տեղի ունեցաւ աղօթքի երեկոյ մը՝ համալիբանանեան մակարդակի վրայ նշելու համար խաղաղութեան համաշխարհային աղօթքի օրը։
Ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ պետական անձնաւորութիւններ։
Սոյն արարողութեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թորգոմ աբղյ. Տօնոյեան։