ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 12ին 300 հազար դրամ (մօտ 800 տոլար) կաշառք վերցնելու պահին իր աշխատասենեակին մէջ ձերբակալուած է քաղաքաշինութեան նախարարութեան աշխատակազմի Քաղաքաշինական պետական տեսչութեան Կոտայքի տարածքային բաժինի գլխաւոր մասնագէտ-քաղաքաշինական պետական տեսուչ, 1950ի ծնած Միշա Սարդարեան:
Ըստ ոստիկանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Մ. Սարդարեան կաշառքը պահանջած եւ ստացած է առանց համապատասխան փաստաթուղթերու շինարարական աշխատանքներ թոյլատրելու համար: