ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու օրէնքին կապակցութեամբ, կառավարութիւնը իր Չորեքշաբթի օրուան նիստին սահմանեց ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացող անձերու համար երկրի սահմանադրութեան եւ հայերէն լեզուի իմացութիւնը ստուգելու կարգը: Նաեւ ի յայտ եկաւ, որ օրէնքը կարելի չէ գործադրութեան դնել 2008էն առաջ:
Քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը սահմանող օրէնքի կիրարկումին համար անհրաժեշտ է, որ պետական համապատասխան մարմինները (Հայաստանի ոստիկանութիւն, կրթութեան եւ գիտութեան, առողջապահութեան, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները) կառավարութեան վաւերացումին ներկայացնեն ենթաօրէնսդրական 12 որոշումներ: Այս 12 կէտերու վաւերացումէն ետք է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ դիմում կատարել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով:
Օրէնքի կիրարկումը ապահովող քայլերու ժամանակացոյցի համաձայն, այս 12 որոշումները ներկայացնելու վերջին պայմանաժամը յառաջիկայ Դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակն է: Սա կը նշանակէ, որ Մարտ 24ի քուէարկուած քաղաքացիութեան օրէնքը գործադրութեան կրնայ դրուիլ միայն 2008ին: