Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի ճաշասրահին մէջ յատուկ ընդունելութիւն մը տրուեցաւ ի պատիւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բնական հարստութեանց եւ բնապահպանման հարցերու նախարար Արամ Յարութիւնեանին եւ Հայաստանի քաղաքային օդանաւորդութեան բաժնի տնօրէն՝ պրն. Արտեոմ Մովսէսեանին, որոնք վերջերս Մոնթրէալ կը գտնուէին միջազգային ժողովներու Հայաստանի Հանրապետութեան անունով իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։
Հանդիպման ներկայ էին Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար պրն. Արման Յակոբեան, Քանատայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վաղարշ Էհրամճեան եւ Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Վիգէն Աֆարեան եւ այլ ազգայիններ։
Ընթրիքի ընթացքին նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 16ամեակը, արծարծուեցան նաեւ հայրենիքին հետ առնչուող հիմնահարցեր: