ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Տաղարան» երաժշտական համոյթի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թիրուվանանթաբարում քաղաքին մէջ, հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ` ներկայացնելով Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի եւ այլ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ եւ մշակումներ:
Համերգը տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կողմէ կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ձեռնարկներու ծիրին մէջ:
Համերգի աւարտին, միջոցառման կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին յանձնեցին երախտագիտութեան նամակ մը, շնորհակալագիր մը եւ մրցանակ մը, դրուատելով անոր բարձրակարգ համերգը: