ՔԱՐԱՉԻ, «Ռոյթըրզ».- Տեղատարափ անձրեւներ եւ սաստիկ քամիներ Փաքիստանի Քարաչի քաղաքին մէջ պատճառած են 228 զոհ։ Առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Շաբաթ օր փոթորիկին պատճառով 43 հոգի մահացած է, իսկ Կիրակի օր 185 այլ անձերու դիակները յայտնաբերուած են։
Սաստիկ փոթորիկը ելեքտրականութեան հոսանքը անջատած է եւ ծառեր տապալած՝ պատճառելով քանի մը տասնեակ վիրաւորներ։ Քարաչիի բնակիչները արդէն իսկ կը տառապէին ելեքտրականութեան յաճախակի ընդհատումէն եւ այդ պատճառով քաղաքին մէջ խռովութիւններ տեղի ունեցած էին։
Մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութեանց աշխատակիցներ յայտարարեցին, որ առաւելագոյն թիւով զոհերը արձանագրուած են ելեքտրահարութեան պատճառով, որովհետեւ ճամբաները ջուրով ողողուած եւ ելեքտրական անջատուած թելերը ջուրերուն մէջ ինկած են։ Շրջանի բնակչութիւնը յայտնեց, որ փոթորիկին սկիզբէն քանի մը վայրկեան ետք Քարաչիի հիմնական ճամբան փակուած էր, ինչ որ պատճառ դարձած է արկածներու եւ խճողումներու։
Տեղատարափ անձրեւին պատճառով քաղաքին մեծամասնութիւնը ջուրով ողողուած է եւ բազմաթիւ բնակարաններ քանդուած են։
Սինտ նահանգի առողջապահութեան նախարարը յայտնեց. «Կառավարական բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած ենք եւ բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն արձակուրդները ջնջեցինք»։