ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի եւ ՄԱԿի միջեւ գոյացած Քարիւղի փոխարէն մարդասիրական օժանդակութեան համաձայնութեան գործադրութեան պատասխանատու կիպրահայ Պենոն Սեւանի դէմ կաշառակերութեան եւ զեղծարարութեան ամբաստանութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 16ին պաշտօնապէս հաստատուեցաւ եւ որոշուեցաւ զայն ձերբակալել:
69ամեայ Սեւան կ’ամբաստանուի 64 միլիառ տոլարի ծրագրին գործադրութեան ընթացքին 147,000 տոլար արժող կաշառքներ ստանալու յանցանքով, սակայն ան անցեալին հերքած է նման ամբաստանութիւններ:
Այս գայթակղութեան կապակցութեամբ ցարդ 14 հոգի ամբաստանուած են, ներառեալ ՄԱԿի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի փեսան: