Ուրբաթ 28 Սեպտեմբեր 2007ին, Անկլիքան եկեղեցւոյ պետ՝ Քէնթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուիլեըմզը այցելեց Անթիլիաս եւ հանդիպում ունեցաւ վեհափառ հայրապետին հետ: Ան երեկոյեան ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: Ճաշին ներկայ եղան միաբան հայրեր, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ միջ-եկեղեցական յանձնախումբի անդամներ: Ճաշկերոյթէն ետք, Ուիլեըմզ արքեպիսկոպոս Պիքֆայայի Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեց:
Նկարին մէջ, արքեպիսկոպոսը կաթողիկոսին հետ: